22 aprile 2007
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՏԱԼԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՀՈՎՈՒՈՒԹԻՒՆ
Ի ՅԱՐԳԱՆՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ
Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2007-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան 92-Ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական բանախօսութիւն, իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւններու զոհ ժողովուրդը: Բանախօսութեան այս երեկոն կազմակերպուած էր Իտալիոյ Հայոց Հոգեւոր Հովուութեան ու Միլանոյի Քրիստոնէական եկեղեցիներու խորհուրդի համագործակցութեամբ: Բանախօսութեան նիստը բացուեցաւ ատենապետութեամբ Պրն. Տիգրան Երեցիանի, ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. թէ Թուրքիոյ ներկայ պետութեան կողմէ եղած ժխտողական ամէն փորձ ու կեցուածք, այսօր եւս կրնանք համարել որպէս շարունակութիւն 1915 թուականին եղած ցեղասպանութեան:
Բանախօսութեան առաջին խօսքը նուիրուած էր (20-րդ դարուն եղած առաջին ցեղասպանութիւնը), բանախօսն էր Տ. Դրաեան Վալդման (Միլանոյի Քրիստոնէական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ) ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսօր հաշտուիլ պատմութեան այդ էջերուն որոնք կը փաստէն հայ ազգի դէմ կատարուած աղետները, պէտքէ որ Թուրքեան սրբագրէ մարդկութեան դէմ իր գործած անցեալի անուրանալի ոճիրը. Ան իր խօսքին վերջաւորութեան եւս յիշեց Մեծ Եղեռնը եւ կոչ ուղղեց անոր արդար լուծում տալու հրամայականը միջազգայնօրէն ուշադրութեան առարկայ դարձնելու:
Բանախօսութեան երկրորդ խօսքը նուիրուած էր (Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառներու եւ ընթացքի) հարցի շուրջ, բանախօսն էր Իտալիոյ Հայոց Հոգեւոր հովիւ Տ. ԱռԷն վրդ. Շահինեանը, ան ներկայացուց ցեղասպանութիւնը սկսեալ 1878 թուականէն մինչեւ 1922 թուականը, ցոյց տալով որ հայկական ցեղասպանութեան գործընթացքը շարունակուած է աւելի քան չորս տասնամեակներ եւ գործադրուած է թուրքական տարբեր վարչակարգերու կողմէ, որոնք մէկը միւսին կը ժառանգէիին հայասպանութեան գործը: Ապա, ան կոչ ուղղեց համայն մարդկութեան, որպէսզի պայքարին ժխտողական կեցուածքին դէմ:
Բանախօսութեան երրորդ խօսքը նուիրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին եւ Հռոմեական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեցուածքին 1915 թուականին: Բանախօսն էր Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Տարչիզիոյ Բովէ, ան իր խօսքին մէջ յիշեց որ թուրքերը, որոնք գործադրեցին հայկական ցեղասպանութիւնը սկսեալ 1878 թուականէն մինչեւ 1922 թուականը, Կաթողիկէ եկեղեցին դէմ կանգնեցաւ 1915-1918 կատարուած ջարդին եւ դատապարտեց զայն, սակայն ինչպէս անցեալին այսօր եւս թուրքերը ամէն միջոց ի գործ կը դնեն ժխտելու անոր իրողութիւնը եւ մերժելու բոլոր փաստերը:
Նիստի աւարտին, մասնակցողներուն առիթ տրուեցաւ իրենց կարծիքն ու առաջարկները ներկայացնելու:
ԴԻՒԱՆ ՀՈՎՈՒՈՒԹԵԱՆ
1.
|