View Single Post
Old 25 Apr 07, 16:06   #106 (permalink)
ÄÈÀÊÎÍ
VIP Club
MONK's Avatar
Join Date: Mar 2007
Location: Holy Etchmiadzin
Age: 43
Posts: 728
Rep Power: 18 MONK is on a distinguished road
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 92-րդ տարելիցի ոգեկոչումը
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ


Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութիւնը եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդը, շարունակելով վերջին տարիներու գործնական եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, այս տարի եւս միասնականօրէն կազմակերպեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 92-րդ տարելիցի ոգեկոչման Կեդրոնական Ձեռնարկը, որը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Ապրիլ 2007-ին, Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի Փաուլսքիրշէ կոչուած հանդիսասրահին մէջ: Հայերէնով ՙՍուրբ Պօղոսի Տաճար՚ կոչուած այս հանդիսասրահը խորհրդանշական իմաստ ու նշանակութիւն ունեցող վայր մըն է: Հոս է, որ 1848-ին Գերմանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փորձ կատարուած է ընդունիլ մարդկային իրաւունքներու հիմնարար սկզբունքներու վրայ կազմուած Սահմանադրութիւն մը եւ իբր գերմանական միասնական ազգութիւն ստեղծել պետական ժողովրդավար կառոյց մը: Ներկայիս այս սրահին մէջ տեղի կ’ունենան համագերմանական նշանակութիւն ունեցող յուշ-երեկոներ եւ ոգեկոչման տարաբնոյթ ձեռնարկներ:

Ոգեկոչման ձեռնարկին բացումը կատարեց Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի Ատենապետ Տոքթ. Շաւարշ Յովասափեան: Յանուն կազմակերպիչներու ողջունելէ ետք քաղաքական, պետական եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներն ու ձեռնարկին բանախօսները, Տոքթ. Յովասափեան գոհունակութեամբ մատնանշեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ վերջին տարիներու գերմանական պետական-քաղաքական շրջանակներու հետաքրքրութիւնը եւ առ այդ կատարուած քայլերը: Տոքթ. Յովասափեան նշեց, որ գերմանահայութիւնը հակառակ չէ դէպի հաշտութիւն միտուած երկխօսութեան, բայց բացառեց, որ հաշտութիւն կարելի է գոյացնել ի հաշիւ յիշողութեան հրաժարման, պատմական դառն փորձառութեան անառարկելի իրականութեան մերժումի եւ ճշմարտութեան մոռացման: Այս ճանապարհով կարելի չէ հասնիլ հաշտութեան եւ այսպիսի փորձերուն հայութեան պատասխանը միանշանակ ոչ կրնայ ըլլալ:

ՙՀայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը՚,- նշեց Պրն. Յովասափեան,- ՙԹուրքիոյ համար դարձած է ուրացման պատմութիւն: Ուրացում, որ կը մերժէ ընդունիլ ոճիրը եւ խօսիլ ոճրագործի ու զոհերու մասին: Ուրացում մը, որ զանազան հրատարակութիւններու միջոցաւ փորձեր կ’ըլլայ տարածելու նաեւ Գերմանիոյ մէջ եւ այլուր: …Ուրացման այս քաղաքականութիւնն էր, որ պատճառ դարձաւ նաեւ Հրանտ Տինգի սպաննութեան:

...Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը կը պահանջէ նաեւ նոր, աւելի մարդկային ու բաց Թուրքիա մը, ուր յիշողութիւնը եւ ինքնութիւններու ու մշակոյթներու զանազանութիւնը տեղ եւ ընդունելութիւն կը գտնեն հասարակութեան մէջ: Այս առնչութեամբ մենք չենք մոռնար թուրք կարգ մը մտաւորականներու վերջին ժամանակներու ջանքերը, որոնք միտուած են Թուրքիոյ ժողովրդավարական փոփոխութեան եւ պատմութեան բաց քննարկման: Մենք կը քաջալերենք այս ուժերը իրենց պայքարին մէջ՚,- եզրակացուց Տոքթ. Յովասափեան:

Այնուհետ Տոքթ. Յովասափեան խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գերմանիոյ Դեսպանուհի, ազնուափայլ Տիկ. Կարինէ Ղազինեանին: Տիկ. Դեսպանուհին խօսելով հայ-թրքական պետական շփումներու մասին` մատնանշեց, որ Հայաստանը վերջին տարիներուն միշտ ալ պատրաստ եղած է եւ հիմա ալ է, առանց նախապայմաններու կայուն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ: Այս մասին կը վկայեն թէ’ ՀՀ Նախագահ Պրն. Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ թէ’ Արտաքին Գործոց Նախարար Պրն. Վարդան Օսկանեանի պաշտօնական յայտարարութիւնները: Տիկ. Ղազինեան մասնաւորապէս մէջբերեց ԱԳ Նախարար Պրն. Վ. Օսկանեանին քանի մը օրեր առաջ արտասանած խօսքերը. ՙԻմ կառավարութիւնը կը ցանկայ մեր դրացի Թուրքիոյ հետ իրական ու անկեղծ հաշտութիւն մը: Մենք կը սպասենք ոչ թէ խորհրդանշական քայլերու խաղ մը, որուն նպատակը հաշտութիւնը չէ, այլ ունի միմիայն քարոզչական նպատակաուղղուածութիւն` շեղելու համար միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը՚: Հայաստանը չի կրնար թոյլ տալ, որ նմանատիպ փորձերը ճեղք բանան Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու մէջ:

ՙՀայոց պատմութիւնը Հայաստանի սիրտն է՚,- եզրափակեց յարգարժան Դեսպանուհին:

Յաջորդ բանախօսը Գերմանիոյ Կանաչներու Կուսակցութեան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ղեկավար Պրն. Ֆրից Քուհնն էր, որ Գերմանիոյ քաղաքական կեանքի ծանօթ դէմքերէն մէկն է, մանաւանդ Մարդկային Իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած իր գործունէութեամբ: Երկու տարի առաջ ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Գերմանիոյ Պունտեսթակի որոշման ընդունման ի նպաստ, որով Գերմանիոյ Խոհրդարանը պաշտօնապէս դատապարտեց հայութեան բնաջնջումը օսմանական կայսրութեան մէջ: Պրն. Քուհն նշեց, որ իր անկեղծ համոզմամբ 90 եւ աւելի տարիներ առաջ կատարուածը կազմակերպուած Ցեղասպանութիւն է եւ գերման արխիւային փաստաթղթերն ալ անառարկելիօրէն կ’ապացուցեն ասիկա: Յարգարժան բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ գերմանական պատասխանատւութեան` մէջբերելով այդ օրերու գերմանական քանցլէր Պէթման Հօլվէկի 1915-ին արտասանած յայտնի խօսքերը. ՙՄեր միակ նպատակն է Թուրքիան մինչեւ պատերազմի աւարտը մեզի դաշնակից պահել, բացարձակապէս նկատի չառնելով, թէ հայութիւնը կ’ոչնչացուի կամ ոչ՚:

ՙՀայոց Ցեղասպանութեան ժխտումն ու յարաբերականացումը ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր, կը պատկանի ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադրման առասպելին: Ասիկա այնքան առաջ ընթացաւ, որ մինչեւ իսկ փորձեր կատարուեցան Ֆրանսական Խորհրդարանի նմանողութեամբ Գերմանական Պունտէսթակին ալ զրկելու որոշում կայացնելու իրաւունքէն՚,- նշեց Պրն. Քուհն եւ աւելցուց. ՙԻնծի համար խայտառակութիւն մըն է գիտնալ, որ գերմանական դպրոցական դասագիրքերը առ այսօռ դեռ կը լռեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՚ եւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային գերմանական պատասխանատու մարմինները պիտի սրբագրեն այս սխալը:

Ծանօթ երաժիշտներ Լուսինէ եւ Սերկէյ Խաչատրեան երկեակի ելոյթէն ետք, որոնք հրաշալի կատարմամբ հրամցուցին Ֆրանց Շուպէրթէն եւ Սերկէյ Ռախմանինովէն դաշնամուրի եւ ջութակի համար գրուած մէկական ստեղծագործութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիտական բարձրամակարդակ բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ գերման գիտական կեանքի յայտնի դէմքերէն Փրոֆ. Տոքթ. Եօրն Ռիւզէն: Ան ի մասնաւորի նշեց, որ Ցեղասպանութեան ընդունումն ու ճանաչումը անհրաժեշտ է ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ թուրքերուն, որովհետեւ ներկայ թուրք սերունդը գերին է պատմական դառն անցեալի: Ցեղասպանութիւն ու Բնաջնջում կը նշանակեն մերժում մարդկային հաւաքականութեան մը, այս պարագային հայութեան, մարդ ըլլալու իրողութեան: Եւ այս մերժումը յառաջ կը բերէ Սպաննելու Անբարոյութիւն մը, որուն համար դիմացինը կը դադրի մարդ ըլլալէ: Եւ ասիկա այլ բան չէ, եթէ ոչ Ոճրագործութիւն ընդդէմ մարդկութեան եւ մարդկայնութեան: Ցեղասպանութեան մոռացման կամ իմաստափոխման, մերժման կամ ժխտման միջոցով կարելի չէ հասնիլ ներքին խաղաղութեան եւ թեթեւացման: Այս ձեւով կարելի չէ անցեալը չկատարուած դարձնել, ան կը մնայ իբր ծանր բեռ մը բարդուած ուսերուն վրայ յետագայ սերունդներու: Սպաննութիւնը ստուերի պէս կը հետապնդէ պատմական պատասխանատւութենէ խուսափողին: Զանգուածային սպաննութիւնը նաեւ սեփական մարդկայնութեան սպաննութիւնն է եւ կարելի չէ ժխտմամբ կամ մերժմամբ խոյս տալ պատասխանատւութենէ: Եւրոպական Միութիւնը իրաւունք չունի եւ չի կրնար մոռնալ իր պատմութեան նմանատիպ դրսեւորումները, պատմական պատասխանատւութեան գիտակցումը եւ հիմնարար ինքնաքննադատական մօտեցումները: Եթէ Եւրոպական Միութիւնը ինքզինք լուրջ կ’ընդունի, պարտաւոր է նկատի առնել այս հանգամանքը եւ նոյն ինքնաքննադատական մօտեցումը պահանջել իրեն անդամագրուելու ցանկութիւն յայտնող ամէն պետութեան:

Փրոֆ. Տոքթ. Ռիւզէնի բանախօսութեան յաջորդեցին Ցեղասպանութեան վերապրողներու յուշերէն հատուածներու ընթերցումներ` գերմաներէն թարգմանութեամբ, որմէ ետք Սերկէյ եւ Լուսինէ Խաչատրեան երկեակը դաշնամուրի եւ ջութակի վրայ հրամցուց Կոմիտասի ՙԾիրանի ծառ՚ եւ ՙԿռունկ՚ ստեղծագործութիւնները:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան: Առաջնորդ Սրբազանը ի մասնաւորի նշեց. ՙԱնկարելի է քրսիտոնեայ ըլլալ, առանց խաղաղութիւն ու հաշտութիւն քարոզելու եւ առանց գործնականօրէն անոնց իրականացման նպաստելու: …Սակայն առանց ճշմարտութեան, առանց արդարութեան կարելի չէ պատկերացնել իրաւ հաշտութիւն, իրական ու տեւական խաղաղութիւն ո’չ անձերու եւ ո’չ ալ հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու միջեւ: …Պէտք է իրատես ըլլալ եւ խոստովանիլ, թէ այնքան ատեն քանի ճշմարտութիւնը չի ընդունուիր ու արդարութիւնը չի վերականգնուիր, անկարելի կը մնայ հայ-թուրքական հաշտութիւնը: Կարելի± էր պատկերացնել գերման-հրէական հաշտութիւն, առանց ճշմարտութեան ու արդարութեան, առանց ներողութեան ու ներողամտութեան, առանց մեղքի ու պարտականութեան գիտակցութեան՚:

ՙՔրիստոնեայ ըլլալ, կը նշանակէ ըլլալ պաշտպան մարդկային կամքի ու տեսակէտի ազատութեան: Սակայն տեսակէտ բառը կ’ենթադրէ ներկայի կամ անցեալի վիճելի իրադրութիւն մը: …Դէպք մը, գործողութիւն մը, ինչպիսին է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն տեղի ունեցած ըլլալը աներկբայելի իրականութիւն մըն է, որքան ալ տխուր ու ցաւալի ըլլան հետեւանքները, պէտք է ընդունիլ եւ ճանչնալ, … որովհետեւ միայն այս ճանապարհով կարելի կ’ըլլայ հասնիլ փոխադարձ վստահութեան, որ ծնունդ կու տայ իրական ու տեւական հաշտութեան՚,- եզրափակեց իր խօսքը Գարեգին Սրբազան:

Ձեռնարկը իր լրումին հասաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար կատարուած Հոգեհանգստեան աղօթքով եւ միասնական արտասանուած Տերունական աղօթքով:

Ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկին ներկայ էին պետական, քաղաքական, եկեղեցական հայ եւ օտար բազմահարիւր դէմքեր:


Յանուն կազմակերպիչներու`
Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան
 
__________________
Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգուս... (Վ. Թեքեյան)
MONK is offline  
Reply With Quote
 
 

All times are GMT +4. The time now is 16:22.

 v.0.91  v.1  v.2 XML Feeds JavaScript Feeds


Powered by vBulletin® Version 3.8.7
Copyright ©2000 - 2024, vBulletin Solutions, Inc.



Liveinternet
User Control Panel
Networking Networking
Social Groups Social Groups
Pictures & Albums All Albums
What's up
Who's Online Who's Online
Top Statistics Top Statistics
Most Active Forumjans Most Active Forumjans

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66 67 68 69 70 71 72 73 74 75 76 77 78 79 80 81 82 83 84 85 86 87 88 89 90 91 92 93 94 95 96 97 98 99 100 101 102 103 104 105 106 107 108 109 110 111