View Single Post
Old 10 Oct 07, 18:30   #7 (permalink)
ÄÈÀÊÎÍ
VIP Club
MONK's Avatar
Join Date: Mar 2007
Location: Holy Etchmiadzin
Age: 44
Posts: 728
Rep Power: 18 MONK is on a distinguished road
Պատասխանը: Pontiffcal Visit of His Holiness to USA

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ
Հոկտեմբերի 5, 2007թ.

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐԵՐ ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ժամանեց Արեւելեան Թեմ


Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 3, 2007 – Ժամանում

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով Նիւ Ճըրզիի Թիթըրպորօ օդանաւակայանը ժամանեց Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 3, 2007, յետ միջօրէի ժամը 6:10-ին:
Նորին Սրբութիւնը կու գար Գալի‎ֆորնիայէն, ուր ժամանած էր Կիրակի Սեպտեմբեր 30-ին: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գալի‎ֆորնիոյ օդանաւակայանին մէջ դիմաւորողներուն մաս կը կազմէր նաեւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցած է Լոս Անճէլըսի շրջանի Հայ Դպրոցներու աշակերտներուն հետ, Լոս Անճէլըսի Կաթոլիկ Թեմի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ռաճըր Սահոնիի հետ, ՙՀրաշափառ՚ի արարողութիւն կատարուած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Վեհափառ Հայրապետը օծումը կատարած է նորակառոյց Եկեղեցւոյ Ս. Խորանի ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Մայր Տաճարի հողի օրհնութիւնը եւ նախագահած է Արեւմտեան Թեմի հաստատման 80-ամեակի հանդիսաւոր ճաշկերոյթին:

* * *
Ամերիկայի Առաջնորդական Թեմը հաստատուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս երջանկայիշատակ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրապետի 1898 թուակիր սրբատառ Կոնդակով: Մօտ երեսուն տարի ետք` 1927 թուակիր սրբատառ Կոնդակով երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գալի‎ֆորնիոյ Թեմը որպէս առանձին առաջնորդական վիճակը հաստատած է:
* * *
Նիւ Ճըրզիի Թիթըրպորօ օդանաւակայանին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դիմաւորեցին եւ ողջունեցին Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Թեմական Պատուիրակ եւ Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութեան Վարիչ Տնօրէն Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն եւ լիազօր դեսպան Տիար Արմէն Մարտիրոսեան, շրջանի հոգեւորականները, Թեմական Խորհուրդի անդամներ, Հայ Օգնութեան Ֆոնտի Տնօրէններու Մարմնի անդամներ, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց (Նիւ Եորք) եւ Յովնանեան (Նիւ Ճըրզի) Հայկական Վարժարաններու աշակերտներ` իրենց տնօրէններով եւ շրջանի Ծխական Խորհուրդներու անդամներ ու հաւատացեալներ:
Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի շքախումբին մաս կը կազմեն` Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեան, Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, գաւազանկիր Հոգշ. Տ. Յովնան Աբղ. Յակոբեան, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի օտարլեզու լրատուութեան պատասխանատու Արժշ. Տ. Կտրիճ Քհնյ. Տէվէճեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի ՙՇողակաթ՚ հեռուստատեսութեան գլխաւոր պատկերահան Տիար Սուրէն Տէր Գրիգորեան: Նորին Սրբութեան շքախումբին կ’ընկերակցէր Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
ՙԱղ ու հաց՚ի աւանդական օրհնութենէն ետք, ներկաները տեղ գրաւեցին օդանաւակայանի սրահին մէջ:
Բացման խօսքը ըրաւ Հովուապետական Այցելութեան Նիւ Եորքի Յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ռօյ Ստեփանեան: Բարի գալուստի խօսքին մէջ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ըսաւ. ՙՎեհափառ Տէր, Ձեր գալուստը օրհնութիւն կը բերէ մեզի, կը խանդավառէ մեր ժողովուրդը, եւ Ձեր զաւակները ամէն շրջանի մէջ անհամբերութեամբ կը սպասեն Ձեր այցելութեան. այցելութիւն` որ հաւատքը տուն պիտի բերէ եւ հաւատացեալներու հոգիները աւելի պիտի զօրացնէ. պիտի զօրացնէ նաեւ հոգեւոր կապը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ մեր Մայր Հայրենիքին հետ: Կ’աղօթենք որ Տէրը Ձեզի առաւել քաջառողջ եւ արեւշատ տարիներ շնորհէ` որպէս զի արժանի ըլլանք Ձեր այցելութեանց եւ օրհնութիւններուն՚:
Վեհափառ Հայրապետը պատասխանելով Իրեն ուղղուած բարի գալստեան խօսքերուն, ըսաւ. ՙԱնակնկալ էր. Մեզ համար դիմաւորումի այս արարողութիւնը անակնկալ էր, որ պատրաստուած էր ձեր կողմէ` Հովուապետական Մեր այցելութեան առաջին իսկ պահին` երբ ոտք դրեցինք Արեւելեան Թեմի տարածքից ներս: Հաճելի է մասնաւորապէս որ Մեզ դիմաւորեցին պայծառ դէմքերը, ժպտուն դէմքերը, անմեղ հայեացքով մեր սիրելի ու անուշիկ զաւակները: Մենք Մեր գնահատանքն ենք բերում ձեզ` սիրելի Սրբազան` այսպիսի անակնկալ ուրախութիւն Մեզ մատուցելու համար: Մեր գնահատանքը Թեմական Խորհուրդին, եկեղեցու սպասաւորներին եւ Մեր բարեպաշտ հաւատաւոր զաւակներին, որ այս պահին այստեղ էք` բերելու Հայոց Հայրապետին ձեր սիրոյ, ձեր հաւատարմութեան վստահեցումը՚:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շքախումբը, ուղեկցութեամբ ոստիկանական չորս ինքնաշարժներու, առաջնորդուեցաւ Կրանտ Հայեաթ պանդոկը:
Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. հովուապետական այցելութեամբ Արեւելեան Թեմին մէջ պիտի գտնուի մինչեւ Նոյեմբեր 1: Ան պիտի այցելէ հետեւեալ շրջանները.
Նիւ Եորք, Նիւ Եորք (Հոկտեմբեր 3-5)
Պոսթոն, Մասսաչուսէց (Հոկտեմբեր 5-8)
Ուաշինկթըն Տի. Սի. (Հոկտեմբեր 9-11)
Շարլօթ, Նորթ Գարոլայնա (Հոկտեմբեր 11-13)
Սէյնթ Փիթըրզպըրկ, Ֆլորիտա (Հոկտեմբեր 13-14)
Հարաւային Ֆլորիտա (Հոկտեմբեր 15-16)
Նիւ Օրլինզ, Լուիզիանա (Հոկտեմբեր 17)
Պաթոն Ռուժ, Լուիզիանա (Հոկտեմբեր 17-18)
Տալլաս, Թէքսաս (Հոկտեմբեր 18-19)
Հիւսթըն, Թէքսաս (Հոկտեմբեր 20-21)
Գլիվլընտ, Օհայօ (Հոկտեմբեր 22-23)
Ռէյսին, Ուիսքանսըն (Հոկտեմբեր 23)
Շիգակօ, Իլլինոյս ( Հոկտեմբեր 24-25)
Միննէափոլիս/Սէյնթ Փօլ, Միննիսոթա (Հոկտեմբեր 25-26)
Նիւ Եորք, Նիւ Եորք (Հոկտեմբեր 26)
Ֆէրլոն, Հիւսիսային Նիւ Ճըրզի (Հոկտեմբեր 27)
Նիւ Եորք, Նիւ Եորք (Հոկտեմբեր 28)
Էլպըրոն, Կեդրոնական Նիւ Ճըրզի (Հոկտեմբեր 29)
Նիւ Եորք, Նիւ Եորք (Հոկտեմբեր 30)
Տիթրոյթ, Միշիկըն (Հոկտեմբեր 31 – Նոյեմբեր 1)

Առաջնորդարանի www.pontificalvisit.org կայքէջը
Առաջնորդարանի վերոյիշեալ կայքէջին միջոցաւ օրը օրին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութեան յայտագիրներու ձայներիզներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԱՄՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
Հոկտեմբեր 4, 2004
Նիւ Եորք, Ն.Ե.


ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ
Հոկտեմբերի 6, 2007թ.

ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2007
Հանդիպում Առաջնորդարանի անձնակազմին հետ


Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով Նիւ Եորքի Առաջնորդարանը ժամանեց Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 4, յետ միջօրէի ժամը 12:15-ին` Առաջնորդարանի, Հայ Օգնութեան Ֆոնտի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի անձնակազմին հետ կէսօրուան ճաշին նախագահելու համար:
Առաջնորդարանի համալիրի ՙՃի՚ սրահի մուտքին ներկաները խմբական լուսանկար առին Նորին Սրբութեան հետ, ապա սրահին մէջ իրենց տեղերը գրաւեցին:
Վեհափառ Հայրապետի սեղանի օրհնութենէն ետք` Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բաժակ բարձրացուց Ամենայն Հայոց Հայրապետի քաջառողջութեան եւ կենացը եւ իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. ՙՈւրախ ենք որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին տուած Իր հովապետական այցելութեան առաջին օրերուն իսկ կը մասնակցի Առաջնորդարանի ընտանիքի անդամներուն կէսօրուան ճաշին: Երջանիկ ենք որ մեր ընտանիքին հայրը` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեզի հետ է այսօր: Այսօր Դուք, Վեհափառ Տէր, մօտէն պիտի ծանօթանաք այս ընտանիքի անդամներուն եւ Ձեր օրհնութիւնները պիտի տաք անոնցմէ իւրաքանչիւրին՚:
Իր խօսքէն ետք` Սրբազան Հայրը ներկայացուց Նորին Սրբութեան շքախումբը. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեան, Թեմական Պատուիրակ եւ Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Տնօրէն Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեան, Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Յովնան Աբղ. Յակոբեան, Մայր Աթիռի լրատուութեան պատասխանատու Արժշ. Տ. Կտրիճ Քհնյ. Տէվէճեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց որ ներկայ է նաեւ Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդի գանձապահ, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ եւ ատենապետը Հովուապետական Այցելութեան Կեդրոնական Յանձնախումբի Տիար Ճէյմս Գալուստեանը:
Սրբազան Հայրը արտայայտուեցաւ Առաջնորդարանի զանազան բաժանմունքներուն մասին եւ խնդրեց որ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ առանձնապէս ներկայացնէ ինքզինք` տալով իր անունը եւ արտայայտուի իր պաշտօնին մասին:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ ուրախ է որ Իր հովուապետական այս այցելութեան ընթացքին առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան ամբողջական կազմին: Անպաշտօն այցելութիւններու ընթացքին ծանօթացած էր կարգ մը պաշտօնեաներու հետ, սակայն առաջին անգամն էր որ կը հանդիպէր բոլոր պաշտօնեաներուն: Այս հանդիպումով Ինք պատեհութիւնը կ’ունենար ծանօթանալու Առաջնորդարանի ամբողջական կառոյցին: ՙ. . . Ելլելով այն իրողութիւնից թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցու Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանը կազմակերպուած լաւագոյն Թեմերից է, անվերապահօրէն հաստատում եմ որ ձեր ծառայութիւնները արդիւնաւէտ են եղել: Հաճելի էր ինծի համար ձեզմէ իւրաքնաչիւրէն լսել որ այս ընտանիքի անդամ է, եւ դուք ձեր կարելիութիւնների եւ կարողութիւնների առաւելագոյնը կը ներդրէք ձեր պաշտօններին մէջ: Ձեր ծառայութեան որակից պայմանաւորուած է նաեւ ձեր թեմի որակը: Իմ գնահատանքն են յայտնում Մեր սիրելի Սրբազանին` Խաժակ Սրբազանին որ ձեռնհասութեամբ վարում է առաջնորդական պարտականութիւններ Արեւելեան թեմում: Յոյս ունեմ որ տակաւին Աստուած երկար տարիներ կը շնորհի Սրբազանին` որպէս զի կարողանայ իր ծառայութիւնը շարունակել մեր եկեղեցուն, եւ մեր եկեղեցուն միջոցաւ մեր ժողովուրդին: Թող Սրբազանի նախանձախնդրութեան ոգին վարակի բոլորիդ: Ընտանեկան մթնոլորտի ստեղծումը պայմանաւորուած է Առաջնորդի վերաբերմունքով, կեցուածքով եւ կարգապահական ոգով: Շարունակեցէք ձեր ծառայութիւնը ի սպաս դնել ձեր եկեղեցուն, ձեր հայրենիքին ու ձեր համայնքին: . . . Եւ քանի որ այս սեղանին շուրջ համախմբուած է ողջ պաշտօնէութիւնը, եւ հովուապետական Մեր երկրորդ այցն է որ Մենք կը կատարենք, այստեղ պատշաճ է որ մեր գնահատանքը պաշտօնէութեան նկատմամբ որոշակի, շօշափելի դրսեւորում ունենայ, եւ նաեւ նկատի ունենալով որ այս սեղանի շուրջ միայն մէկ անձ էր որ վեր կացաւ եւ ասաւ որ այս հաստատութեան մայրն է, պատշաճ կը նկատեմ որ Մեր գնահատանքը պաշտօնէութեան արտայայտենք ի դէմս ձեր մօր` Տիկին Ճագլինին, որ մայրն է այս հաստատութեան եւ այցելու եկեղեցկաններին` այնքան համեղ հիւրասիրութիւններ է մատուցում եւ առաջին տպաւորութիւններու շարքում հաստատւում ճշմարտութիւնը բարեհամբոյր բնաւորութեամբ եւ սպասարկութեամբ, եւ որպէս շնորհակալութիւն` սիրով տիկին Ճագլինի երկարմեայ ծառայութիւնը գնահատելեով Առաջնորդարանէս ներս ցանկանում եմ Հայրապետական սրբատառ Կոնդակով Տիկին Ճագլինին կուրծք զարդարել Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանով՚:
Բոլոր ներկաներու բուռն եւ երկարատեւ ծափահարութիւններուն ներքեւ Առաջնորդարանի մայրախնամ հոգատար Տիկին Ճագլին Տշխունեան մօտեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ստանալու իր շքանշանը: Սրբատառ Կոնդակը կարդաց Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան:
Վեհափառ Հայրապետի թելադրութեամբ` Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան բացատրութիւններ տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բաժանմունքներուն, կազմակերպչական, եկեղեցաշինական եւ ճարտարապետական աշխատանքներուն, Հոգեւոր Ճեմարաններուն, Մայր Աթոռի եւ այլ թեմերու յարաբերութեանց, Հայորդեաց Տուներուն եւ ՙՇողակաթ՚ հեռուստատեսութեան կայանին մասին:
Ամենայն Հայոց Սրբազանգոյն Կաթողիկոսի փակման աղօթքով վերջ գտաւ Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան համար հոգեպարար այս հանդիպումը, որուն աւարտին ներկաները առիթ ունեցան առանձնապէս լուսանկարուելի Նորին Սրբութեան հետ:

Ցուցահանդէս Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնի սրահին մէջ
Յետ միջօրէի ժամը 4:30-ին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Իր շքախումբով մեկնեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնը` ուր ռուսական ՙԻթար-Թաս՚ լրատուական կեդրոնի կազմակերպութեամբ տեղի ուեցաւ ցուցահանդէս ՙՌուս Ուղղափառ Եկեղեցի եւ Միջ-Կրօնական Երկխօսութիւն եւ Ռուսիոյ Հոգեւոր Վերազարթօնքը՚ նիւթին շուրջ: Այս ձեռնարկը կը հովանաւորուէր ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ն.Վ. Վիթալի Չըրքինի, Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեանի եւ Մոսկուայի Պատրիարքարանի ներկայացուցչութեան քարտուղար Արժշ. Տ. Ալեքսանտր Ա. Քհնյ. Ապրամովի:

Ընթրիք Միջ-Եկեղեցական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ
Յետ միջօրէի ժամը 6:00-ին` Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հրաւէրով` ընթրիքի հրաւիրուած էին ՙՀրաշափառ՚ի արարողութեան մասնակցող Հայ հոգեւորականներ եւ Միջ-Եկեղեցական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ` նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:

ՙՀրաշափառ՚ի արարողութիւն
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ամպհովաննիի ներքեւ թափօրով Ս. Վարդան Մայր Տաճար առաջնորդուեցաւ: Ամպհովանին կը կրէին Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդի անդամներ: Թափօրը կ’առաջնորդէր Ս. Վարդան Մայր տաճարի լուսարարապետ Արժշ. Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Չեւփան:
Թափօրին մաս կը կազմէին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գերշ. Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեան, Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ հոծ թիւով հայ վարդապետներ, քահանաներ եւ այլ յարանուանութեանց ներկայացուցիչ եկեղեցականներ:
Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներու յոգնախուռն բազմութիւն մը ներկայ էր: Մինչեւ Ս. Խորան բարձրանալը Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն` մինչ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի եւ ընկերակցութեամբ ծանօթ երգեհոնահար Հոգշ. Տ. Մամիկոն Վրդ. Քիլէճեանի ՙՀրաշափառ՚ շարականը կ’երգէր:
Մայր Տաճարի Ս. Խորանին վրայ տեղ գրաւելէ ետք` Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հետեւեալ խօսքը արտասանեց. ՙ Վեհափառ Տէր, Հոգեկան անխառն ուրախութեամբ եւ յանուն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասուն, Թեմական Խորհուրդին եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին` բարի գալուստ կը մաղթենք Ձերդ Սրբութեան` այս շնորհաբեր հովուապետական այցելութեան առիթով:
Ձերդ Սրբութեան Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին տուած հովուապետական այս այցելութեան կարգախօսն է ՙՀովուական այցելութիւն` հաւատքը տուն բերող՚, եւ ո°վ կրնար հաւատքը տուն բերել` եթէ ոչ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն եւ Ընդհանրական Կաթողիկոսը:
Մենք փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ` որ Հայ Ժողովուրդի հաւատքի եւ խղճի ազատութեան մեծագոյն հերոսներէն զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի անմոռաց յիշատակին նուիրուած այս Սուրբ Տաճարին մէջ մենք բախտաւորութիւնը ունինք ողջունելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի 132-րդ յաջորդը` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Գարեգին Երկրորդը: Այս Տաճարը 1968 թուականին օծեց երջանկայիշտական Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը. եւ մենք այսօր նոյն Տաճարին մէջ բարի գալուստ կը մաղթենք Անոր աշակերտին եւ յաջորդներէն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդին:
Մեր Թեմի եւ կամ որեւէ Թեմի, հաւատացեալներուն համար խիստ կարեւոր են Հովուապետական այցելութիւնները, որոնք կը նպաստեն հոգեւոր վերազարթօնքի եւ կը զօրացնեն յարաբերութեան կապը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսական Աթոռին եւ գահակալող Հայրապետին հետ:
ՙՀաւատքը տուն բերող հովուական այցելութեան՚ ընթացքին Ձեր աչքերով պիտի տեսնէք ու վկայէք այս Թեմին մէջ կատարուած աշխատանքները եւ ապագայի ծրագիրները: Աւելի մօտէն պիտի ծանօթանաք Արեւելեան Թեմի Ձեր զաւակներուն, պիտի լսէք անոնց կազմած ծրագիրներուն, սնուցած յոյսերուն եւ ունեցած մտահոգութիւններուն մասին:
Եւ ես վստահ եմ որ հաւատացեալներն ալ իրենց կարգին ուշադրութեամբ պիտի ուկնդրեն Ձերդ Սրբութեան կենդանի պատգամները եւ պիտի հետեւին անոնց: Նոյն ատեն անոնք պիտի տեղեկանան` Ձերդ Սրբութեան անմիջական հսկողութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կատարած գործունէութեանց մասին. հոգեւոր վերազարթօնք Մայր Հայրենիքի մէջ, եկեղեցաշինութիւն, հին տաճարներու վերանորոգում, հոգեւոր ճեմարաններու արձանագրած յաջողութիւններ, քրիստոնէական դաստիարակութեան տարածում, եկեղեցիի եւ պետութեան յարաբերութեանց բարելաւում, ձեռնադրուած երիտասարդ եկեղեցականներու փաղանգ եւ արտասահմանեան թեմերուն պատրաստուած հոգեւորականներ տրամադրելու կարողութիւն, բարեսիրական եւ առողջապահան հաստատութիւններ, եւ կարելի է յաւելեալ թուումներ եւս ընել: Այս բոլոր գործունէութեանց եւ իրագործումներուն շնորհիւ` այսօր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, փառք Աստուծոյ, մեր օրերու ընձեռած պայմաններուն ներքեւ եւ ազատ ու անկախ Մայր հայրենիքի մէջ առաւել եւս կը բարգաւաճի շնորիւ Ձերդ Սրբութեան հեռատես, իմաստուն եւ աշխոյժ առաջնորդութեան ու ղեկավարութեան:
Դարձեալ բարի գալուստ կը մաղթենք Ձեզի, Վեհափառ Տէր:
Աղօթող ենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան եւ անոր Գահակալի արեւշատութեան համար` որպէս զի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրհնութիւնները անպակաս ըլլան մեր բոլորին վրայէն:
Այժմ կը հրաւիրեմ Ձեզ` որպէս զի Ձեր պատգամով խանդավառէք ու մխիթարէք ներկայ հաւատացեալները՚:
Ամենայն Հայրապետը պատախանելով Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի բարեգալստեան խօսքին` Իր գոհունասկութիւնը յայտնեց որ այսքան հոծ թիւով Հայ եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ ներկայ են բարի գալուստ մաղթելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Ս. Էջմիածնի եւ ազատ ու վերածնած Մայր հայրենիքի ողջոյնները փոեանցելով բոլորին` ի մէջ այլոց ըսաւ. ՙ. . . Սիրելիներ, ձեր ընտանիքների կեանքին պատմութիւնն է մեր պատմութիւնը. այն սկիզբ է առնում պանդխտութեան մէջ ձեր հայրերի տքնաջան աշխատանքով, արդար վաստակով եւ այդ վաստակի արդիւնքը Հայ Եկեղեցու, Հայ դպրոցին, ազգային խնամատար ու մշակութային հաստատութիւններին ընծայաբերումով, զոհողութեամբ ու անմնացորդ ծառայութեամբ ազգային մեր կեանքին: Միացեալ Նահանգների մէջ գտնելով ազատ ու խաղաղ կեանք, մեր ժողովուրդին զաւակները ստեղծեցին ու ձեռք բերեցին բարեկեցութիւն, հասան յաջողութիւնների, դարձան ազնիւ ու վստահելի քաղաքացիները Ամերիկայի, նաեւ ճանաչուած մասնագէտներ, մշակոյթի անուանի գործիչներ` վաստակ բերելով իրենց նոր հայրենիքի առաջընթացին եւ միաժամանակ մնալով հարազատ որդիները հինաւուրց Հայ ժողովուրդին, շառաւիղները առաջին քրիստոնեայ պետութեան՚:
Երգչախումբը, որ կազմուած էր Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Թրամպըլի (Գընէթիքէթ) դպրաց դասերու անդամներով, ներդաշնակօրէն երգեց ՙՈւրախ Լեր՚ը, ՙՀայր Մեր՚ը, ՙԷջմիածին ի Հօրէ՚ն եւ ՙՀայրապետական Օրհներգը՚:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորած հոգեւորականներու թափօրը Մայր Տաճարէն դուրս ելլելէ ետք` բոլորը մասնակցեցան ճոխ հիւրասիրութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայկ եւ Ալիս Գավուքճեան շքեղ հանդիսասրահին մէջ: Այս առիթով ներկաները պատեհութիւնը ունեցան մօտէն հանդիպելու Ամենայն Հայոց Հայրապետին, խօսելու Անոր հետ եւ լուսանկարուելու:
Հիւրասիրութենէն ետք` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` Իր շքախումբով եւ ներկայ Հայ եկեղեցականներով ճամբայ ելաւ դէպի Մանհասէթի շրջանին մէջ գտնուող Սէյնթ Իկնիշըս Առանձնացման Կեդրոնը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5 - Առանձնացում
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի նախագահութեամբ` Արեւելեան Թեմի զանազան շրջաններէն եկած հոգեւորականներ առանձնացումի յայտագիրին պիտի մասնակցին Սէյնթ Իկնիշըս Առանձնացման Կեդրոնին մէջ:
Օրուան օրակարգը հետեւեալը պիտի ըլլայ.

Առաւօտեան ժամը`
8:00 – 9:00 Նախաճաշ
9:00 Ամենանյն Հայոց Կաթողիկոսի ժամանում
9:00 – 10:00 Արեւագալի Ժամերգութիւն
10:00 – 12:00 - Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի գալստեան խօսքը
- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը
- Զրոյց Նորին Սրբութեան հետ

Յետ միջօրէի ժամը`
12:00 – 1:00 Կէսօրուան ճաշ
1:00 – 1:05 Խմբային նկար
1:05 – 1:30 Դադար
1:30 – 2:15 ՙՊետութեան եւ Եկեղեցիի Յարաբերութիւնը՚
Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան
Դիւանապետ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի

Ներկայացուած նիւթին մասին հարց-պատասխան

2:15 – 2:30 Դադար
2:30 – 3:15 ՙՌուսիոյ Հայոց Առաջնորդական Թեմը՚
Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեան
Առաջնորդ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց Թեմի

Ներկայացուած նիւթին մասին հարց-պատասխան

Նոյն երեկոյեան Նորին Սրբութիւնը, Իր շքախումբին հետ, Լոնկ Այլընտի օդանաւակայանէն պիտի մեկնի դէպի Պոսթոն:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԱՄՆ ՀԱՅՈՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ
Հոկտեմբեր 5, 2007
Նիւ Եորք, Ն. Ե.
 
__________________
Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգուս... (Վ. Թեքեյան)
MONK is offline  
Reply With Quote
 
 

All times are GMT +4. The time now is 21:40.

 v.0.91  v.1  v.2 XML Feeds JavaScript Feeds


Powered by vBulletin® Version 3.8.7
Copyright ©2000 - 2024, vBulletin Solutions, Inc.



Liveinternet
User Control Panel
Networking Networking
Social Groups Social Groups
Pictures & Albums All Albums
What's up
Who's Online Who's Online
Top Statistics Top Statistics
Most Active Forumjans Most Active Forumjans

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60