Ответ: Pontifcal Visit of His Holiness to USA
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՀԻՒՍԹԸՆԻ (ԹԷՔՍԱՍ) Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի Հոկտեմբեր 21, 2007
Հայրապետական Ս. Պատարագ
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով ժամանեց Հիւսթընի Ս. Գէորգ Եկեղեցին: Ամպհովանիի ներքեւ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ Եկեղեցի, ուր մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին: Ամենայն Հայոց Հայրապետը ձեռաց խաչով օրհնեց ներկաները եւ Ս. Խորան բարձրացաւ Ս. Պատարագ մատուցանելու համար: Փէշակիրներն էին Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան եւ Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր Հոգշ. Տ.Յովնան Աբղ. Յակոբեան: Առընթերակաները` Թեմական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Եկեղեցւոյ դպրաց դասը` ղեկավարութեամբ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի:
Հայրապետական Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Ամերիկայի հայազգի դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեան:
Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայացուց Նորին Սրբութիւնը ըսելով. ՙԱյսօր բացառիկ օր մըն է Հիւսթընի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար` որովհետեւ առաջին անգամն է որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս մը կ’այցելէ Հիւսթըն եւ Ս. Պատարագ կը մատուցանէ: Ես վստահ եմ որ այս բացառիկ օրը պատմական նշանակութեամբ պիտի արձանագրուի Հիւսթընի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ՚:
Վեհափառ Հայրապետը Իր քարոզի ընթացքին ըսաւ. ՙ... պատմութեան քառուղիներէն հայկական պետականութեան բացակայութեան ժամանակ ընտանիքը եւ եկեղեցին եղել են հայապահպանութեան այն ապառաժ վէմը, որին վրայ հիմուել ու գոյատեւել է Հայ ժողովուրդը: Այսօրուան մեր ազատ ու անկախ Հայաստանում, նաեւ սփիւռքում, հայ ընտանիքի առջեւ ծառացած բազում խնդիրներին ու մարտահրաւէրներին ընդառաջ մենք պէտք է անկասկած վերագտնենք հայ նահապետական ընտանեկան հիւսուածքի կարեւորութիւնը, որ հիմնական կորիզն է հասարակութեան եւ մանրակերտը եկեղեցական համայնքի՚:
Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական Կոնդակ եւ շքանշան շնորհեց Քըրք Խաչիկեանին` իր նուիրումին համար հանդէպ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ որպէս բարերար Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ: Սրբատառ Կոնդակը կարդաց Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեան: Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ նուիրեց սրբանկար մը, իսկ եկեղեցւոյ հովիւ Արժշ. Տ. Զենոբ Ա. Քհնյ. Նալպանտեանին` լանջախաչ մը:
Յաւարտ Ս. Պատարագի` Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ, որուն բացումը կատարուեցաւ դրօշակներու արարողութեամբ եւ բոլոր ներկաներուն կողմէ երգուած ամերիկեան եւ հայկական օրհներգներով:
Ճաշկերոյթի բացման խօսքը կատարեց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Գոլանճեան, իսկ Տէյվիտ Օհանեան կարդաց Թէքսասի նահանգապետի բարի գալսեան խօսքը` ուղղուած Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Խօսք առաւ նաեւ Եկեղեցւոյ հովիւ Արժշ. Տ. Զենոբ Ա. Քհնյ. Նալպանտեան: Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան ներկայացուց դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արտասահմանի հայերու, մասնաւորաբար Ամերիկայի, եւ Հայաստանի ու եկեղեցւոյ յարաբերութեանց մասին:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` Մայր Աթոռի գործունէութեանց մասին:
Փակման խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը խոստացաւ դարձեալ առիթ ստեղծել այցելելու Հիւսթըն, նոյն ատեն յորդորեց որ արտասահմանի հայերը յաճախ այցելեն Մայր Հայրենիք:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԱՄՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
Հոկտեմբեր 21, 2007
Նիւ Եորք, Ն.Ե.
|